Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Շապապ Սահել Ահտի դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը:
Մրցակից խումբը, որ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, երէկուան այս մրցումին դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտը արձանագրելով 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մամատու Տրամի հեթրիք մը իրագործեց (36-րդ, 81-րդ եւ 85-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Հասան Տահեր (50-րդ` փենալթիով):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Հուսամ Մուքատտեմ, կողմի իրաւարարները` Հասան Ֆահըս եւ Ալի Հումանի, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Համզա Քասեմ:


