18 տարեկան վարորդ Միք Շումախըր, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի գերմանացի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի որդին է, կը շարունակէ երազել «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու մասին:
Ան այժմ առաջին տարեշրջանը ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ֆորմիւլա-3»-ի ախոյեանութեան եւ ցարդ միայն մէկ անգամ բարձրացած է փոտիում, այդ ալ նախորդ ապրիլին, Մոնզայի մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը: Դասաւորման մէջ ան այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:
ԱՖՓ-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միք Շումախըր ըսաւ, որ ինք միշտ նպատակ ունի մասնակցելու «Ֆորմիւլա-1»-ին: Ան կ՛ըսէ, որ բնականաբար իր նպատակին հասնելու համար նախ պէտք է տայ իր լաւագոյնը:


