Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէի ժամ 15:30-ին Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի համար տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը արձանագրելը կը նկատուի կարեւոր` դասաւորման մէջ վերելք արձանագրելու համար:
Նոյն ժամուն, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Ահլի Սայտա կը հիւրընկալէ Մապարրան:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ եւս, այսօր տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, որուն ընթացքին Ահտ, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կը մրցի Անսարի դէմ:


