ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Զուիցերիոյ դատարանը իր մօտ հարցաքննութեան կանչեց Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ «Պի. Ին Մետիա Կրուփ» ընկերութեան նախագահը` Նասեր Խելայիֆին, որ կ՛ամբաստանուի կաշառակերութեան յանցանքով:
Դատական այդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 25 հոկտեմբերին, Պեռնի մէջ (Զուիցերիա):
Նշենք, որ միլիառատէր գործատէրը, ինչպէս նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէ, կ՛ամբաստանուին 2018-2030 թուականներուն տեղի ունենալիք մոնտիալներու հեռարձակման գծով տարբեր տեսակի զեղծարարութիւններ կատարելու յանցանքով, որոնց կարգին` փաստաթուղթերու կեղծում, կաշառակերութիւն, տոմսերու վաճառքներէ յաւելեալ շահերու ապահովում եւ այլն:


