Ռասըլ Ուեսթպրուք`
Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, մինչ շաբաթավերջին կը կատարուին 21 մրցումներ:
Լոս անճելըսեան տերպիի մրցումին, Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Քլիփըրզը, 108-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 29 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի 105-84 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 28 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ այս մրցումին մասնակցեցաւ 33 վայրկեան, հանդիսացաւ թրիփըլ-տապըլ-ի հեղինակ (21 կէտ, 10 ռիպաունտ, 16 էսիսթ), իսկ Նիւ Եորք Նիքսէն տապըլ տապըլ իրագործեց Քրիսթափս Փորզինկիս (31 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ յաղթեց իր հիւրին` Շիքակօ Պուլզին (117-100):


