 Պէյրութի ակումբներէն եւ մարզական լրագրողներէն, ինչպէս նաեւ մարզական, հասարակական եւ մշակութային միութիւններէ կազմուած յատուկ յանձնախումբ մը այցելեց «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի յանձնախումբի նախագահ Ռիատ Շէյխայի` անոր զօրակցելու եւ իրենց դժգոհութիւնն ու բողոքը ներկայացնելու այն միջադէպին գծով, որ պատահեցաւ այս ամսուան ընթացքին ֆութպոլի մրցումի մը աւարտին` նիւթական մեծ վնասներ հասցնելով այս մարզական կառոյցին:

Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ մարզական այս աւանը բոլորին կը պատկանի, բայց պէտք է գիտնալ չափն ու սահմանը եւ երբեք անոր չվնասել որեւէ ձեւով: