Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց խմբային ախոյեան Նատուա Քամաթիէ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութեան, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն պատճառով, այժմ կը գրաւէ Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանի ախոյեանը յաջորդաբար յաղթեց յորդանանեան երկու խումբերուն` Շապապ Սաքքային (3-0) եւ Համատային (3-0):
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակէ մէկ խումբ կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:


