Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, 75 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սոնա Պօղոսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Երկամարտին, հայրենի ծանրաբարձը արձանագրեց 227 քկ արդիւնք մը (97+130):
Ցարդ մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ), Կարուշ Ղուկասեան (94 քկ) եւ Արփինէ Դալալեան (90 քկ եւ վեր):


