Երէկ` երկուշաբթի, 15 յունուարին, Մելպուռնի մէջ սկիզբ առաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի շարք մը մրցումներ:

Առաջին օրուան զոհերուն շարքին եղաւ 5-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ, որ 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով կրեց քիչ մը անակնկալ պարտութիւն մը` 78-րդ դասուած զուիցերիացի Պելինտա Պենսիչէն: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 53′:
20 տարեկան զուիցերիացին, որ ունեցաւ բաւական լաւ խաղարկութիւն մը, յաջողեցաւ նեղ կացութեան մատնել իր 37 տարեկան մրցակիցը:

Տղոց դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-1, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վիքթոր Էսթրելա Պուրկոսի (Տոմինիքեան հանրապետութիւն): Ան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 94 վայրկեանի ընթացքին:
Նախքան մրցաշարքին սկսիլը, ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել անոր, ուսի վնասուածք ունենալուն պատճառով: