Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մէջ հանդէս եկող ակումբներու պատասխանատուներուն եւ գլխաւոր մարզիչներուն հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան հետ կապուած հարցեր:
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի մարտին:



