3-4 փետրուարին Պէյրութի շրջանին մէջ գտնուող Թաատոտի դաշտը պիտի հիւրընկալէ Լիբանան – Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Իրան – Հոնկ Քոնկ մրցումին յաղթականը:
Լաւ ձեւով հիւրընկալելու համար այս մրցաշարքը, երէկ սկսան Թաատոտի դաշտին կարգադրութիւնները, կարեւոր նկատուող նորոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս ներկայացնել Լիբանանի պատկերը:
Ասկէ մեկնելով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սաեղ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, որ Թայփէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին ուղղուին Թաատոտի դաշտ եւ քաջալերեն իրենց երկրին ազգային խումբը:
Այս մրցաշարքը, որ կը վայելէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութիւնը, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն:



