Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին նոր նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Աքրամ Հալապի, իր գրասենեակին մէջ յատուկ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի հետ:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին քանի մը ամիսներուն, յարաբերութիւնները բաւական ցրտացած էին ֆետերասիոնին անդամներուն միջեւ:
Այս եռակողմանի հանդիպումը կայացնելով` Հալապի փորձեց հաշտութեան առիթ ստեղծել անոնց միջեւ, որ բնականաբար պիտի ըլլայ ի սպաս լիբանանեան պասքեթպոլի շահերուն, անշուշտ միեւնոյն ժամանակ ալ իւրայատուկ քայլ մը, ֆետերասիոնին անդամներուն միջեւ եղած խռովութիւններուն եւ ըսի-ըսաւներուն վերջ մը տալու գլխաւոր նպատակով:
Այս եռակողմանի հանդիպումը զուգադիպեցաւ, այսօր` երեքշաբթի, 16 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի ունենալիք ֆետերասիոնին ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):