Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի (Ապպա) Ընդհանուր Տնօրէն Աւօ Գաթրճեան Կը Պարգեւատրուի Հալէպի Մարզական Ֆետերասիոնին Կողմէ

Յունուար 16, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-ի վերջը, Հալէպի Մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիայի (ԱՊՊԱ) ընդհանուր տնօրէն Աւօ Գաթրճեանը:

Հալէպի ֆետերասիոնի անդամ, մարտարուեստի գրասենեակի նախագահ Նուրէտտին Թեֆնեքճի Հալէպի ֆետերասիոնին կողմէ յատուկ պատուոյ գիր յանձնեց Աւօ Գաթրճեանին: Թեֆնեքճի շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեց Հալէպի մէջ Քոնկ Ֆու-ուու շուի զարգացման հոլովոյթին մէջ Աւօ Գաթրճեանի ցուցաբերած տքնաջան աշխատանքին համար:

Այս առիթով, հակիրճ տեղեկութիւն կը ներկայացնենք Աւօ Գաթրճեանի` Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիային մէջ ունեցած բազմաբեղուն աշխատանքին մասին:

Աւօ Գաթրճեան ներկայիս ԱՊՊԱ-ի ընդհանուր տնօրէնն է: 2001 թուականին մասթըր Ճորճ Տուրնաեանի հետ մեծ ներդրում ունեցած է Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիայի հիմնադրման մէջ: Անոնց իրագործած զգալի ջանքերէն ետք եւ ըստ Միջազգային ֆետերասիոնի կանոններուն, ծնունդ կ՛առնէ Քոնկ ֆու-ուու շուն Հալէպի, ապա` Սուրիոյ մէջ:

Գաթրճեան այս երթի ընթացքին ակադեմիային մէջ քանի մը պաշտօններ զբաղեցուցած է, առ այդ` իբրեւ կրթական եւ մշակութային բաժինի ղեկավար մշակած է նախագիծ` ակադեմիայի մշակութային ինքնութեան մասին եւ ակադեմիայի մարզիկներու յատուկ դաստիարակչական ծրագիր որդեգրած է: Քոնկ ֆու-ուու շուի փիլիսոփայութեան եւ մարզիկներու բարոյական յատկանիշներուն մասին հանդէս եկած է բազմաթիւ դասախօսութիւններով: Դաստիարակչական ծրագիրի պատասխանատու պաշտօնով կը խմբագրէ ԱՊՊԱ-ի «Բռունցք» արաբերէն եւ հայերէն ամսաթերթը, որուն միջոցով կը դրսեւորէ Քոնկ-ֆու ուու շուի կրթական եւ գիտական հասկացութիւնները:

Միւս կողմէ, Աւօ Գաթրճեան ԱՊՊԱ-ի ընդհանուր յարաբերականի պատասխանատուի պաշտօնի բերումով, տարիներ շարունակ նպաստած է Քոնկ ֆու-ուու շու մարզաձեւը Սուրիոյ տարածքին գտնուող բազմաթիւ մարզական կեդրոններու ու ակումբներու մէջ տարածելու աշխատանքին:

Ան գերգնահատելի աշխատանք տարած է կամուրջներ հաստատելով Քոնկ ֆու-ուու շու մարզաձեւի միջազգային եւ տեղական մարզական պատասխանատուներուն հետ` Սուրիոյ մէջ այս արուեստը բարելաւելու համար:

2008 թուականին նշանակուած է Սուրիոյ մարզական հաւաքականի պատուիրակութեան նախագահ` Արաբական երկիրներու բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցած է Յորդանանի մէջ:

ԱՊՊԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Աւօ Գաթրճեան պարգեւատրուած է նաեւ բազմաթիւ մարզական մարմիններու կողմէ` տեղական եւ արաբական մակարդակներու վրայ:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Եւ Ռիատի Մաս Կազմեցին Նոյն Խմբակին

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլին Համար Իւրայատուկ Քայլ Մը. Քախիա – Ռըզք – Հալապի` Եռակողմանի Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Պասքեթպոլի Աւարտական Խաղերը` Կիրակի, 11 Մայիսին

Մայիս 9, 2025
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Սաժես 102-114
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Սաժես 102-114

Մայիս 9, 2025
Ուասլ 2025.  Վաղը Կը Սկսի Ուասլի Ֆայնըլ 8-ը
Մարզական

Ուասլ 2025. Վաղը Կը Սկսի Ուասլի Ֆայնըլ 8-ը

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?