Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Թատամոն Զուք հիւրընկալեց Պէյրութը` Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ:

PROFOTO
Թատամոն, որ իր կազմին մէջ օտարական մարզիկներու փոփոխութիւն կատարած է, փորձեց արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, բայց ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ` կրելով տարեշրջանի իր 16-րդ յաջորդական պարտութիւնը` 77-70 արդիւնքով (15-18, 22-21, 17-20, 16-18):
Իւրաքանչիւր անգամ, որ Թատամոն կը մօտենար, Պէյրութ կը փորձէր հեռանալ: Մրցումին տեւողութեան, Պէյրութ յաջողեցաւ նոյնիսկ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել 13-ի (56-43):
Թատամոնէն տապըլ-տապըլ իրագործեց Վլատան Վուքոսակիեւիչ (18 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ Պէյրութէն` Պասել Պաուժի (12 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Քրիս Քրոֆորտ (20 կէտ, 12 ռիպաունտ): Անոնց խմբակից Ժահմար Եանկ նշանակեց 21 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ):
Այսօր մրցում տեղի պիտի չունենայ:


