Երէկ` երկուշաբթի, 15 յունուարին, տեղի ունեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի (իւրաքանչիւրը` հինգ խումբ):
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 18-26 յունուարին:
Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես կը մասնակցին մրցաշարքին:
Վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, ՀՄԸՄ եւ Ռիատի մաս կազմեցին նոյն խմբակին: Բ. խմբակին մէջ են նաեւ` Նաժըմ Ռատեսի (Թունուզ), Պոլ Ըպավ Օլ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Նասըր (Լիպիա):
Իսկ Ա. խմբակին մէջ են Սաժես (Լիբանան), Սալա (Մարոք), Նաժըմ Սահելի (Թունուզ), Սան Պետա Ռետ Լայընզ (Ֆիլիփեան կղզիներ) եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը:
Կը կարծուի, որ այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ լիբանանեան կազմերուն համար, որոնք բաւականին զօրացուցած են իրենց կազմերը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան ժամը 15:00-ին եւ 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):