Պարսելոնայի արժանթինցի յետսապահ Խաւիէ Մասքերանօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Չինաստանի մէջ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: Անոր նոր խումբը պիտի ըլլայ Հեպէյ Չայնա:
Կողմերը փոխադարձ համաձայնութեան եկան 33 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման հարցով:
Մասքերանօ իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ այսօր, Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Սպանիոյ բաժակ), որմէ ետք հրաժեշտ պիտի տայ Պարսելոնայի համակիրներուն:
2010-ին Լիվըրփուլէն Պարսելոնայի միացած Մասքերանօ խումբին շապիկը կրած է 334 անգամ եւ իր կազմին հետ տիրացած 18 տիտղոսի: