Կրանտմասթըր Հայկ Մ. Մարտիրոսեան երէկ հանդիսացաւ Հայաստանի ճատրակի 2018-ի ախոյեան` առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովելով 7 կէտ: Տիտղոսին տիրանալէ բացի, ան նաեւ ստացաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ հանդէս գալու իրաւունքը:
Այս 78-րդ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռոպերթ Յովհաննիսեանի հետ, որ կէս կէտով ետ մնալով ախոյեանէն, գրաւեց երկրորդ դիրքը: Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Արման Փաշիկեան (6 կէտով):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 73-րդ ախոյեանութեան, ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Մարիա Քուրսովա, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց Սիրանուշ Ղուկասեան, մինչ 5-ական կէտ ապահովելով 3-4-րդ դիրքերը գրաւեցին Լիլիթ Գալոյեան եւ Աննա Սարգսեան: Լրացուցիչ ցուցանիշները հաշուելէ ետք, պրոնզէ մետալը բաժին ինկաւ Գալոյեանին: