
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 29 տարեկան միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ` երկուշաբթի, 22 յունուարին, ի վերջոյ պաշտօնապէս դարձաւ Արսենալի ֆութպոլիստ:
Անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը նշեց, որ կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն: