Ինչպէս ծանօթ է, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը:
Մոնտիալի բաժակը երէկ Լոնտոնէն (Անգլիա) սկսաւ իր շրջագայութեան: Մինչեւ Ռուսիա հասնիլը, անիկա պիտի այցելէ 51 երկիրներ:
Առաջին հանգրուանը եղաւ Սրի Լանքայի մայրաքաղաքը` Քոլոմպոն:
7 փետրուարին Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատէն անիկա պիտի հասնի Երեւան, ուրկէ կը մեկնի Թիֆլիս:



