Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ Լուէյզի – Անթունիէ մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ:
Լուէյզի, որ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն, մինչ 4 յաղթանակ արձանագրած եւ 11 պարտութիւն կրած Անթունիէ կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ: