«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմսի կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ 114-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն Ճէյմս իր նշանակած 28 կէտին շնորհիւ հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ պասքեթպոլիստը (33 տարեկան), որ իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր գումարը կը հասցնէ 30 հազարի: Նախապէս այդքան կէտ եւ աւելի նշանակած էին 6 պասքեթպոլիստներ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Սաքրամենթօ Քինկզ | 99-105 |
Օքլահոմա Սիթի – Պրուքլին Նեթց | 109-108 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 114-102 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 123-112 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 108-107 |
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Նիւ Օրլինզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Եութա Ճեզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Աթլանթա Հոքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պոսթըն Սելթիքս