Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 21 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշեց իր ծննդեան 29-րդ տարեդարձը:
Մխիթարեանի նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին իրենց ակումբին նկատմամբ, կատարելով շարք մը քննադատութիւններ` նկատի ունենալով, որ ակումբը չշնորհաւորեց իր ֆութպոլիստին ծննդեան տարեդարձը:
Ակումբին պաշտօնական կայքին վրայ համակիրներուն կողմէ տեղադրուեցան հետեւեալ մեկնաբանութիւնները.
«Միթէ այդքան դժուա՞ր էր շնորհաւորանքի քանի մը նախադասութիւն: Դուք ձեզ խայտառակեցիք»:
«Մխիթարեանը տակաւին խումբէն հեռացած չէր այդ օրը, եւ պէտք էր շնորհաւորել զայն»:
«Երբ կարգը Ֆիլ Նեւիլին եւ Նիքի Պաթին հասնի, անոնք կը ստանան իրենց շնորհաւորանքը: Բայց Մխիթարեանին չկա՞յ շնորհաւորութիւն: Մխիթարեա՛ն, քու շնորհաւորանքդ ստացիր Արսենալէն»:
«Ան Եունայթըտի մարզիկը ըլլալով, պէտք է ստանար իր շնորհաւորանքը, Զարմանալի… խեղճ տղուն հետ պէ՞տք է այդպէս վարուիլ»:



