Երէկ` ուրբաթ, 26 յունուարին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի, այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, ներկայութեամբ նախարարի խորհրդական Ալի Ֆաուազի:
Օլիվըր Ֆայսալ ֆետերասիոնին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` 3-4 փետրուարին Լիբանանի մէջ կատարուելիք «Տէյվիս Քափ»-ի թենիսի մրցաշարքը հովանաւորելուն համար: Այս մրցաշարքին ընթացքին մայրիներու խումբը պիտի մրցի Թայփէի դէմ:
Ֆայսալ նախարարը տեղեակ պահեց ֆետերասիոնին կատարած աշխատանքներուն մասին, միեւնոյն ժամանակ արծարծելով նախարարութենէն ֆետերասիոնին յատկացուելիք նիւթական օժանդակութեան հարցը:



