Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը կիրակի, 28 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Նշենք, որ պարագլուխի դիրքին վրայ ամուր կառչած ՀՄԸՄ-ի կազմը ցարդ միակ անպարտելի խումբն էր:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն վաղը կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` երթուդարձի մրցումները աւարտելու համար առանց պարտութեան:



