Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը 4-2 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելով Ուահտա Շըհիմէն, գրաւեց իր խմբակին վերջին դիրքը:
Այսպիսով, վերջին դիրքը գրաւելով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը այժմ պիտի մասնակցի փլէյ-օֆի մրցումներուն, որպէսզի կարենայ մնալ Դ. դասակարգին մէջ:


