Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 27 յունուարին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ճակատեցաւ Ահլի Սայտայի դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը` 10-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (4 կոլ), Աւօ Տոնպուրեան (3 կոլ), Սերժ Տօնապատեան, Սեւակ Օհանեան եւ Մհեր Սիւրմենեան (մէկական կոլ):

Իր կարգին, դարձի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մարժապայի դէմ` շնորհիւ Երուանդ Մանասերեանի եւ Նարեկ Յարութիւնեանի նշանակած կոլերուն:


