Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ ճակատումը:

ՃՕ ՇԱՄԱԱ
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս երթուդարձի իր մրցումները աւարտեց առանց պարտութեան, երբ բաւական ծանր արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ռիատին, 75-57 արդիւնքով (30-13, 16-13, 15-12 եւ 14-19):
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ իր երէկուան յաղթանակը արձանագրեց մէկ օտարականով` նկատի ունենալով, որ Վիքի Մաքինթայըր ցարդ կը մնայ վիրաւոր:
Խումբին մարզիկները լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Փաթրիք Սապայի ցուցմունքները եւ արձանագրեցին իրենց 10-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը.
Էյփրըլ Սայքս (28), Ռեպեքքա Աքըլ (26), Մեղրի Թորոսեան (13), Լէյլա Ֆարես եւ Նաթալի Սվաճեան (4-ական):