60 անդամ հաշուող լիբանանեան ժիւտոյի մէկ պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Կիպրոսէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք 2004-էն 2011-ի ծնունդ դասակարգի միջազգային մրցաշարքի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 450 երկսեռ մարզիկներ` հետեւեալ երկիրներէն. Վրաստան, Յունաստան, Սերպիա, Պուլկարիա, Լիբանան եւ կիպրական 6 խումբեր:
Այս մրցաշարքին Լիբանան տիրացաւ 1 ոսկի, 4 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալի:
Պէտք է նշել, որ մետալներուն մեծամասնութիւնը բաժին ինկաւ կիպրացի մարզիկներուն, որովհետեւ անոնք մասնակցեցան 6 խումբերով:



