Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 28 յունուարին, տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ:
Այս երեք մրցումները յետաձգուած էին, որովհետեւ ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես կը մասնակցէին Տուպայի միջազգային մրցաշարքին:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ իր մրցումը պիտի կատարէ Տիք Մըհտիի մէջ, ուր երեկոյեան ժամը 17:00-ին հիւրը պիտի ըլլայ Շանվիլին:
Նոյն ժամուն, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Իսկ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սաժես հիւրը պիտի ըլլայ Անթունիէի:


