Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), Շապապ Զահլէ 84-67 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Ահլի Սարպան, հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան:

Նշեալ երկու խումբերը, ինչպէս նաեւ երրորդ դիրքը գրաւած Ժուփիթեր, կը բարձրանան Գ. դասակարգ:
Փաստաբաններու սենտիքայի խումբը, որ գրաւեց չորրորդ դիրքը, փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Ֆիտաա Սայտայի դէմ` չորրորդ եւ վերջին տոմսին համար:
Ախոյեան խումբը` Շապապ Զահլէ, ախոյեանութեան իր բաժակը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայէն: