Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան խմբակներու դրութեամբ, խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին չորս անգամ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


