Ինչպէս ծանօթ է, Փհենկ Չանկ 9-25 փետրուարին կը հիւրընկալէ 2018-ի ձմեռնային խաղերը:
Հակառակ անոր որ Հիւսիսային Քորէա պատերազմի մէջ է Հարաւային Քորէայի հետ, սակայն նախորդ շաբաթավերջին հիւսիսային քորէացիներուն Հարաւային Քորէա ժամանումէն կարճ ատեն ետք, Ողիմպիական աւանին մէջ կախուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի պետական հսկայական դրօշակը:
Երկու երկիրները, որոնք իրարու հետ պատերազմի մէջ են, 1950-1953 թուականին քորէական պատերազմէն ետք հաստատուած զինադադարէն ետք ցարդ խաղաղութեան համաձայնագիր չեն կնքած իրարու հետ:
Հարաւային Քորէա ստիպուած է ենթարկուիլ միջազգային ողիմպիական կոմիտէի օրէնքներուն, որոնց համաձայն, ողիմպիական խաղերուն մասնակից բոլոր պետութիւններուն դրօշակները պէտք է ներկայացուած ըլլան խաղերուն ընթացքին:
Հիւսիսային Քորէայի դրօշակը պիտի ծածանի միայն ողիմպիական մրցումներուն, պարգեւատրումի ժամանակ եւ խաղերուն օրերուն` Ողիմպիական աւանին մէջ: