Նախորդ շաբաթավերջին Թաատոտի դաշտին վրայ (Պէյրութ), տեղի ունեցաւ Լիբանան – Թայփէ ճակատումը, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին ծիրին մէջ (Բ. խմբակ):

Շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Լիբանան յաջողեցաւ արձանագրել երկու յաղթանակ եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցել իր մրցակիցը:
Ինչ կը վերաբերի կիրակի օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Լիբանան այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրելով գերազանցեց իր հիւրը` 3-0 արդիւնքով, որմէ ետք թէեւ Թայփէ արձանագրեց 2 յաղթանակ, բայց ատիկա կացութենէն բան չփոխեց եւ Լիբանան տարաւ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ այս մրցաշարքը հովանաւորող Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչին` Ալի Ֆաուազի: Իր կարգին, յուշանուէր մը ստացաւ նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ:
Յառաջիկայ ապրիլին Լիբանան պիտի ճակատի Հոնկ Քոնկի դէմ, որ յաղթեց Իրանին: