«Տը Սան» օրաթերթը հաղորդեց, որ սպանական Ալսիրայի պատանեկան խումբի ֆութպոլիստ Նաչօ Պարպերա մահացած է:
13-14 տարեկան դասակարգի մրցումի մը ընթացքին, յանկարծ Պարպերայի սիրտը կանգ առած է եւ գետին ինկած: Ան թէեւ անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չեն կրցած փրկել պատանի ֆութպոլիստին կեանքը:
Ակումբին պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, նախապէս պատանի ֆութպոլիստին մօտ սրտի վերաբերեալ խնդիրներ չեն յայտնաբերուած:



