Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը երէկ պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց Թայուանի դէմ, երբ Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը եւ 4 կէտ ապահովելով գրաւեց Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Քուպէյսի, Ահմետ Խէյրէտտին, Ալի Թանիշ եւ Ալի Հոմսի:
Թայուանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը նկատուեցաւ պատմական, որովհետեւ մայրիներու կազմը ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ կրցած էր արձանագրել իր մրցակիցին դէմ:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանան 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Խըրխըզիստանէն:
Լիբանան վաղը` երեքշաբթի, 6 փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 13:00-ին, կը մրցի Յորդանանի դէմ, որ ցարդ ոչ մէկ կէտ կրցած է ապահովել:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: