Ֆութպոլի արժանթինցի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնայի մուտքը Միացեալ Նահանգներ բացարձակապէս արգիլուեցաւ:
Միջազգային մարզական լրատու գործակալութիւններ երէկ հաղորդեցին, որ Մարատոնա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը որակած է խամաճիկ, ինչպէս նաեւ բաւական կատակներ ըրած է անոր մասին:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներ Մարատոնայի մուտքը արգիլուեցաւ, երբ 1994-ին անոր մուտքի արտօնագիր չտրուեցաւ, որովհետեւ կասկածներ կային, որ ան թմրամոլ է: Այդ թուականէն ի վեր արդէն իսկ անոր մուտքը արգիլուած է Միացեալ Նահանգներ:



