Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբին, Կիրակոս Թնճուկեանի յիշատակին նուիրուած 2018-ի Պլոթի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 19, 20 եւ 22 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 փետրուարի երեկոյեան, ախոյեան հանդիսացաւ Քրիստ Գազանճեան եւ Շանթ Քէօսէեան զոյգը, իսկ երկրորդ հանդիսացաւ Պօղոս Մալեան եւ Ասպետ Սեփեթճեան զոյգը:
Մրցանակաբաշխութենէն առաջ, խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ անդրադարձաւ Կիրակոս Թնճուկեանի կեանքին ու անոր տարած գործունէութեան եւ հակիրճ բացատրական մը տուաւ, թէ ինչո՛ւ նշեալ մրցաշարքը անոր անունով կը կազմակերպուի:
Առաջին հանդիսացող զոյգը ստացաւ 4 անգլիական ոսկի, իսկ երկրորդը` 2 անգլիական ոսկի, տրամադրուած` անհատ նուիրատուի մը կողմէ: Մրցաշարքին իրաւարարն էր Երուանդ Չէօրեքճեան: