«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), այսօր` ուրբաթ, 23 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանան – Սուրիա տղոց պասքեթպոլի մրցումը, որ կ՛իյնայ աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքին Ասիոյ ցամաքամասին Գ. խմբակին ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Երկու կազմերն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն արձանագրելու իրենց երկրորդ յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ, թէեւ յաջողած են յաղթել Հնդկաստանի, սակայն պարտուած են Յորդանանէն:
Այս մրցումէն բացի Լիբանան այլ մրցում մըն ալ ունի կատարելիք յառաջիկայ երկուշաբթի, 26 փետրուարին, երբ Պանկալորի մէջ հիւրը ըլլայ Հնդկաստանի:
Ինչպէս ծանօթ է, գլխաւորութեամբ մարզիչ Փաթրիք Սապայի եւ անոր օգնական Մարուան Խալիլի, Լիբանան յատուկ բանակում մը կատարեց Տոհայի մէջ (Քաթար), ապա Պէյրութ իր վերադարձով շարունակեց իր պատրաստութիւնները այս երկու մրցումներուն համար:
Սուրիոյ մարզիչն է, սերպ Վասելին Մաթիչ, իսկ անոր սուրիական հպատակութիւն ստացած մարզիկը` Ճասթին Տուայն Հոքինզ:
ՖԻՊԱ-ին կողմէ հրապարակուած միջազգային դասաւորման մէջ, Լիբանան կը գրաւէ 54-րդ դիրքը, մինչ Սուրիա` 93-րդ:
Ասիական դասաւորման մէջ Լիբանան կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, իսկ արաբական դասաւորման մէջ` երկրորդ դիրքին վրայ (Յորդանանի ետին): Սուրիա 16-րդ դիրքը կը գրաւէ Ասիոյ մէջ:
Լիբանանի պասքեթպոլի համակիրները պէտք է այսօր ուղղուին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտ եւ քաջալերեն իրենց կազմը` այս կարեւոր մրցումը:
Մայրիներու կազմը զտումի իր վերջին մրցումները պիտի կատարէ հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
28 յունիս` Յորդանանի դէմ եւ 1 յուլիս` Սուրիոյ դէմ (երկուքն ալ` «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ):



