Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը շաբաթ օր արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ Ժիպէյլի մէջ 50-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութը (Գ. խմբակ):
Այժմ ՀՄԸՄ եւ երկու այլ կազմեր` Հուփս եւ Ֆիտաա Սայտա, վերջին հանգրուանին պիտի մրցին իրարու դէմ: Առաջին դիրքը գրաւողը կը բարձրանայ Բ. դասակարգ, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւողը փլէյ-օֆի մրցում կը կատարէ Բ. դասակարգի կազմի մը դէմ` երկրորդ տոմսին համար:
ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Մհեր Ծատուրեան, իսկ խումբին մարզիկները` Գեղեցիկ Ասատուրեան, Փաթիլ Ասատուրեան, Լալիկ Աղասարգիսեան, Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Սանան Խաչերեան, Վինեսա Փիւսքիւլեան, Քրիսթել Պէրպէրեան, Լէա Ասատուրեան, Ալին Չալեան, Մենար Պոյաճեան եւ Անժելա Մերմերեան:



