«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արսենալ թէեւ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օյեսթերսունտսէն, բայց ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտէն դուրս 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին իր կազմին` Արսենալի հետ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան:



