«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան իր հովանաւորութեան տակ, 2018 տարեշրջանը կը սկսի այսօր` շաբաթ, 24 փետրուարին, «Ռոթաքս Մաքս» քարթինկի մրցումով, որ պիտի կատարուի «Փիթ-Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ):
Նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի քարթինկի 2018 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ 8 հանգրուանի մրցումներ: