Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը քանի մը բացակայ մարզիկներով վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ, Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումին, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արա Պօղոսեան:
Վիրաւոր մարզիկներուն կարգին են Անդրանիկ Չրապաշ, Էլըն Հես եւ Նիքիթա Զախարով: Անոնց վրայ եկաւ աւելնալու Ալպերթ Թադէոսեան, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ: Քրիս Եանքու պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: ՖԻՊԱ-ն արտօնութիւն չտուաւ Թերի Սմիթին, որ մասնակցի այս մրցումին, մինչ Ռայըն Պոտրայթ փափաք յայտնեց չմասնակցելու այս մրցումին:
Պօղոսեան աւելցուց, որ հակառակ բացակայ մարզիկներու առկայութեան, Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմը պիտի պայքարի մրցումին ամբողջ տեւողութեան, բնականաբար համակիրներուն ներկայութեան, որոնք պիտի գան քաջալերելու իրենց կազմը:
Նշենք, թէ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «ՔԱ ՓԵՔ» (նախկին Միքա) մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Դաշտին մուտքը պիտի ըլլայ ձրի:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանէն, ինչպէս նաեւ` ՖԻՊԱ-ի «Եութիուպ»-ի պաշտօնական ալիքէն:



