Ռոնալտոյի Հեռանալէն Ետք. Ռէալ Մատրիտի «Թուիթըր»-ի Էջը Մէկ Միլիոն Հետեւորդներու Նահանջ Մը Արձանագրեց
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Եուվենթուսին միանալէն քանի մը օր ետք, Ռէալ Մատրիտի «Թուիթըր»-ի էջը, ինչպէս նաեւ որոշ կայքեր հետեւորդներու մեծ նահանջ մը արձանագրած են: «ԱՍ» հաղորդեց, որ «Թուիթըր»-ի էջը մէկ միլիոն հետեւորդներէ պակսած է: Ատոր հակապատկերը եղած է այն, որ Եուվենթուսի հետեւորդներուն թիւը շատցած է մէկ միլիոնով: Հակառակ ատոր սակայն, Ռէալ Մատրիտի աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հետեւորդները ունի «Թուիթըր»-ին վրայ` 31 միլիոն:


