Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տղոց քառորդ աւարտականի մրցումները:

Տիտղոսակիր Ռոժէ Ֆետերեր, որ կը փորձէր իններորդ անգամն ըլլալով բարձրացնել այս բաժակը, ստացաւ մեծ հարուած մը, երբ պարտութիւն կրեց հարաւային ափրիկեցի Քեւին Անտերսոնէն (8-րդ)` 2-6, 6-7, 7-5, 6-4 եւ 13-11 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 4 ժամ 14 վայրկեան:
32 տարեկան Անտերսոն նախորդ տարի հասած էր «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտականին:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 12-րդ դասուած Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա), որ 6-3, 3-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց ճափոնցի իր մրցակիցին` Նիշիքորիի:
2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց 5-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Տել Փոթրոյի դէմ` 7-6, 6-7, 4-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Իսկ կիսաւարտականի վերջին տոմսը ապահովեց ամերիկացի Ճոն Այզնըր (9-րդ)` քանատացի Միլոշ Ռաոնիչի դէմ (13-րդ) 6-7, 7-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:


