«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Ինթեր Միլան աշխատանք կը տանի դարձեալ Պարսելոնայէն փոխ առնելու անոր պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարան:
Իտալական ակումբը նոյնիսկ պատրաստ է, անոր ստորագրութիւնը գնելու` փոխան 30 միլիոն եւրոյի:
Կը նշուի, որ Ալքանթարայով մօտէն հետաքրքրուած են նաեւ Լացիօ Ռոմա եւ Թոթենհամ:
25 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ տարեշրջանին երկրորդ կէսը փոխ տրուած էր Ինթերին:



