Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, երէկ գիշեր իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Խրուաթիա:
Բնականաբար, երկու կազմերուն համար ալ յաղթանակը կարեւոր է` ապահովելու համար աւարտականի տոմս մը, ուր յաղթական խումբին կը սպասէր Ֆրանսա:
Շնորհիւ Քիերան Թրիփայըրի (5-րդ) արագ կոլ մը նշանակելով` Անգլիա 1-0 արդիւնքով առաջ անցաւ:
Անգլիա կրցաւ տիրապետել միայն առաջին կիսախաղին` կորսնցնելով բաւական ստոյգ առիթներ, որոնք մրցումին աւարտին անոր սուղ արժեցին:
Բ. կիսախաղին Խրուաթիա ճնշելով նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (68-րդ)` շնորհիւ Իվան Փերիսիչի:
Նկատի ունենալով, որ 90 վայրկեանները աւարտեցան հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ երկարաձգման:

Երկարաձգման երկրորդ խաղակէսին, Խրուաթիա նշանակեց իր յաղթանակի կոլը` շնորհիւ փորձառու ֆութպոլիստ Մարիօ Մանծուքիչի (109-րդ):
Անգլիա ի զուր փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, բայց չյաջողեցաւ:
Այսպիսով, Խրուաթիա արձանագրեց պատմական յաղթանակ մը ոչ թէ անոր համար, որ պարտութեան մատնեց Անգլիան (2-1), այլ որովհետեւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականին:
Լուժնիքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 78 հազար հանդիսատես:


