Հայրենի ֆութպոլիստ Վահագն Միլիտոսեան Սլովաքիոյ մէջ փոխեց իր ակումբը: 25 տարեկան յառաջապահը Նիթրայէն տեղափոխուեցաւ Սերետ:
Սլովաքիոյ Բ. լիկայի յաղթականի կոչումը նուաճած եւ գերբաժակի մրցաշարքին իր տոմսը ապահոված Սերետ Միլիտոսեանի հետ կնքեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Միլիտոսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ անհամբեր կը սպասէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միանալու հրաւէրին:



