Պաշտօնական բացումէ մը ետք, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սատ Պաուշրիէ), սկիզբ առաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի անուան աղջկանց պասքեթպոլի 7-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 200 մարզիկներու, որոնք բաժնուած են հինգ դասակարգերու. 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Մաքտեսի» ընկերութեան նախագահ Թալալ Մաքտեսի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Փաթրիք Լահուտ, Պէյրութի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, հանգուցեալ մարզիկին հայրը` Էլի Ապտել Քարիմ, ինչպէս նաեւ անոր ընտանեկան պարագաները եւ հրաւիրեալներ:
Մասնակցող խումբերն են` Ռիատի Պէյրութ, Էներժի Զուք, Անդրանիկ, Թաատոտ Պէյրութ, Պրինըրզ, Փրօ Ակադեմիա, Հուփս Պէյրութ եւ Հուփս Մսեթն:
Մրցումները պիտի կատարուին, Հուփսի Պէյրութի եւ Հազմիէի դաշտերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:



