Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ժողով

Լիբանանեան պասքեթպոլին դիմագրաւած հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու նպատակով, տղոց Ա. դասակարգի ակումբները գումարեցին յատուկ ժողով մը: Ժողովին ներկայ գտնուեցան Մութթահետ Թրիփոլիի նախագահ Ահմետ Սաֆատի, Պէյրութ Ֆըրսթ-Քլապի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Հուփս Պէյրութի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Ռիատի Պէյրութի նախագահ Մազեն Թապպարա եւ ընդհանուր քարտուղար Թամմամ Ժարուտի (անոնք երկուքը նախքան տեղեկագիրի հրապարակումը մեկնեցան), Սաժես Պէյրութի նախագահ Սեմի Պըրպարի, Անդրանիկի նախագահ Վիգէն Չերչեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի...

«Օփել»-ի Վերադարձը` Լիբանանի Միջազգային Ռելիին Ընդմէջէն

«Օփել»-ի Վերադարձը` Լիբանանի Միջազգային Ռելիին Ընդմէջէն

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին: Այս ռելիին ընդմէջէն դարձեալ տեղի ունեցաւ յիշատակելի վերադարձ մը` «Օփել» վաճառանիշը կրող ինքնաշարժը: «ՍԻ. ԼԱՅՆ ԱՍԹՐԱ ՕՓԵԼ» ռելիներու ինքնաշարժը եղաւ բացման հանդիսութեան ինքնաշարժը, որուն հետ ազդանշանը տրուեցաւ ռելիին: «Էյ. Էն. Պուխաթեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Անթոնի Պու Խաթեր յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին «ՕՓԵԼ» իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի միջազգային ռելիին` նկատի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. 4 Ֆութպոլիստներ Պիտի Հեռանան Ռասինկէն

Ռասինկի մարզիչ Ռիտա Անթարի` խումբէն հեռանալէն ետք, այժմ 4 ֆութպոլիստներ եւս պիտի հեռանան անկէ: Այդ չորսն են` բերդապահ Մոհամետ Սանթինա, յետսապահ Հիւսէյն Սայյետ, խմբապետ Սերժ Սայիտ եւ միջնապահ Մուսթաֆա Հասան: Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, գրեթէ բոլոր խումբերն ալ լաւ ձեւով կը պատրաստուին: Սակայն Ռասինկը ցարդ անորոշ վիճակի մը մէջ կը գտնուի եւ նոր...

Միջազգային Ֆութպոլ. Վաղը` Մոլտովա – Հայաստան

Ըստ Հայաստանի եւ Մոլտովայի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, երկու երկիրներուն 21 տարեկանէն վար հաւաքականները պիտի կատարեն բարեկամական մրցում մը, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 15 յուլիսին, Քիշնեւի մէջ: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Գիւլբուդաղեանց, որ փոխարինեց Արթուր Ոսկանեանը:

Մխիթարեան Բարձր Տրամադրութեամբ Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ պատրաստուիլ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին` գլխաւորութեամբ իր մարզիչին` Ունայ Էմերիի: Անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ ակումբի 29 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի լուսանկարը, որ բարձր տրամադրութեամբ կը պատրաստուի նոր տարեշրջանին: «Փրեմիեր լիկ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 12 օգոստոսին Արսենալի առաջին մրցակիցն է Մանչեսթըր...

Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ մաս կը կազմէ գերմանական Ռեկենսպուրկին, իր կազմին հետ կատարած մէկ մրցումին յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել: «Պունտըսլիկա-2»-ի նոր տարեշրջանին պատրաստուող Ռեկենսպուրկ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 9-1 արդիւնքով յաղթեց Համ խումբին:  

Իլիումժինով Հեռացուեցաւ ՖԻՏԷ-ի Նախագահի Պաշտօնէն

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրշան Իլիումժինով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, յայտնեց ՖԻՏԷ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քալմիքիայի նախկին նախագահը ՖԻՏԷ-ն կը ղեկավարէ 1995-էն ի վեր: 2017-ին ՖԻՏԷ-ն յայտարարեց, թէ Իլիումժինով կը հեռացուի իր պաշտօնէն, սակայն աւելի ուշ այս լուրը հերքուեցաւ: Նոր նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի 3 հոկտեմբերին: Թեկնածուներուն ցանկին մէջ Իլիումժինովի անունը չկայ:  

Լեհաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Եժի Փրժեչեք նշանակուեցաւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու: 47 տարեկան մասնագէտը անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ, 42 անգամ կրած է իր երկրի ազգային խումբին շապիկը` նշանակելով 4 կոլ: Փրժեչեք իր հայրենիքին մէջ եղած է շարք մը ակումբներու մարզիչ: Երկրէն դուրս, ան որեւէ խումբի մարզիչ չէ եղած: Ան այսպիսով փոխարինեց Էտըմ Նաւալքային, որ Լեհաստանի` 2018-ի...

Չելսի Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Անթոնիօ Քոնթէի Հետ

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով իր պայմանագրութիւնը խզեց իր իտալացի մարզիչին` Անթոնիօ Քոնթէի հետ, անոր մաղթելով յաջողութիւն իր ասպարէզին մէջ: Նկատի ունենալով, որ Չելսի Քոնթէի հետ իր պայմանագրութիւնը խզեց ժամանակէն առաջ, անոր պիտի վճարէ 11 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում: Անոր հետ Չելսի 6 անգամ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, իսկ 8 անգամ` Անգլիոյ բաժակակիր: Սակայն նախորդ տարեշրջանին, ակումբը արձանագրելով ոչ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Մեծ Աշխատանք Կը Տանի Ձեռք Ձգելու Համար Պէյլը

«Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի պատասխանատուները բանակցութեան մէջ են Ռէալ Մատրիտի հետ եւ կը փորձեն իրենց կազմին միացնել Կերըթ Պէյլը: Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի ղեկավարած կազմը 28 տարեկան ֆութպոլիստին համար պատրաստ է վճարելու 100 միլիոն եւրօ: Զինետին Զիտանի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք, Պէյլ ներկայիս չ՛աճապարեր փոխել իր ակումբը: Ան այս գծով որոշում մը պիտի տայ ակումբի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռասինկ – Ռիտա Անթար Պայմանագրի Խզում

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ռասինկ, որ կը պատրաստուի 2018-2019 տարեշրջանին, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը մարզիչ Ռիտա Անթարի հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած յատուկ ժողովէ մը ետք որոշուեցաւ, որ Ռիտա Անթար պիտի լքէ իր կազմը: Ակումբին պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռիտա Անթարին եւ անոր մաղթեցին յաջողութիւն: Ըստ լիբանանեան...

Պիչ-Վոլիպոլ. Հոլիտէյ-Պիչ Կը Կազմակերպէ 2 Տարբեր Մրցաշարքեր

Հոլիտէյ Պիչ-Զուք Մոսպեհ ակումբը ամառնային իր տարեշրջանը կը սկսի կատարելով պիչ-վոլիպոլի (2x2) միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենայ 20-22 յուլիսին, ակումբին մէջ: Այս մրցաշարքէն ետք ակումբը կը կատարէ տարեկան իր մրցաշարքը (3x3)` 24-26 յուլիսին: Բնականաբար այս երկրորդ մրցաշարքին տեղացի մարզիկներուն թիւը պիտի ըլլայ աւելի շատ, այնպէս ինչպէս կը պատահէր նախորդ տարիներուն: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ,...

Արտակ Եդիգարեան Ստացաւ «Ոսկիէ Կօշիկ»-ը

Արտակ Եդիգարեան Ստացաւ «Ոսկիէ Կօշիկ»-ը

Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ անդրադարձան քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Ալաշկերտ - Սելթիք մրցումէն («Չեմփիընզ լիկ») առաջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը` յայտնելով, որ Ալաշկերտի միջնապահ Արտակ Եդիգարեան ստացաւ «Ոսկիէ կօշիկ»-ը` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացած էր Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուն` իր նշանակած 13 կոլերուն շնորհիւ: Ան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը տիրանար այս մրցանակին: 2016-2017 տարեշրջանին...

Հայկ Գալստեան Եւ Իշխան Գելոյեան` Կոլերու Հեղինակ

Վլատիւոսթոքի Լուչ Էներկիայէն Շիննիք Եարոսլաւ տեղափոխուած միջնապահ Իշխան Գելոյեան, իր նոր կազմին հետ կատարելով ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Գելոյեան, որ դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, նշանակեց այդ չորս կոլերէն մէկը: Իսկ գերմանական Շթութկարթ-2-ի մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Հայկ Գալստեան իր կարգին կոլ նշանակեց, երբ անոր կազմը արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ Երեւանի Մէջ Յաղթեց Վարտարի

Փիւնիկ Երեւան «Եւրոպայի լիկա»-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն գծով իր կատարած մրցումին, երէկ Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մակեդոնիական Վարտար խումբին դէմ: Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայկական ակումբի նորեկ փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Մոհամետ Քոնաթէ, 28-րդ վայրկեանին: Հիւր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Սերենա Ուիլիըմզ 10-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին, Ուր Կը Մրցի Անճելիք Քերպըրի Դէմ

Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) երէկ տեղի ունեցան Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտականին հասնող մարզիկները: 25-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ այս մրցաշարքին գծով 10-րդ անգամն ըլլալով հասաւ աւարտականին, երբ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Ժուլիա Ժորժին (13-րդ): 36 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ 11-րդ դասուած...

Իկուային Համաձայն Գտնուեցաւ Տեղափոխուիլ Չելսի

Եուվենթուսի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուային շատ հաւանական է, որ այս ամառ մարզիկներու փոխանցման ընթացքին տեղափոխուի Չելսի: «Քալչիօ-Մերքաթօ» իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ արժանթինցիին եղբայրը, որ անոր գործակատարն է, կ՛ըսէ, թէ ան համաձայն գտնուած է տեղափոխուիլ լոնտոնեան ակումբ: Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Եուվենթուս ժամանումը շատ հաւանաբար պատճառ դառնայ, որ Իկուային նկատի առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, «Ծեր Սինիորան»...

Եուվենթուս 100 Միլիոն Եւրոյի Շահ Կ՛ակնկալէ Ռոնալտոյի Մարզաշապիկներուն Վաճառքէն

Եուվենթուս ակումբին կայքը` «Թութթօ Ժիւվէ» կը հաղորդէ, որ ակումբի նորեկ ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մարզաշապիկները շատ արագ կը վաճառուին: Նշուեցաւ, որ պաշտօնական խանութներու մօտ համակիրներու երկար շարքեր կը տեսնուին: Ռոնալտոյի իւրաքանչիւր խաղաշապիկի գինը 100 եւրօ է: Եուվենթուս ակումբին պատասխանատուները կը յայտնեն, որ եթէ վաճառքը այսպիսի մեծ թափով շարունակուի, կ՛ակնկալուի 100 միլիոն եւրոյի շահ մը:

Քուատրատօ Թիւ 7 Խաղաշապիկը Զիջեցաւ Ռոնալտոյին

Քուատրատօ Թիւ 7 Խաղաշապիկը Զիջեցաւ Ռոնալտոյին

Եուվենթուսի միջնապահ Խուան Քուատրատօ յայտարարեց, թէ թիւ 7 խաղաշապիկը կը զիջի ակումբի նորեկ ֆութպոլիստ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին, որ քանի մը օր առաջ իր կազմը` Ռէալ Մատրիտը լքելով միացաւ իտալական կազմին: «Նուիրելը մի՛շտ աւելի հաճելի է, քան ստանալը», ըսաւ Քուատրատօ: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Ռոնալտոյի գործակատարը` Ժորժ Մենտեշ յայտարարեց, որ իտալական ակումբը պիտի ըլլայ վերջինը փորթուգալցի յառաջապահին համար: 33 տարեկան Ռոնալտօ Եուվենթուսի...

«Ֆիաթ»-ի Աշխատակիցները Գործադուլ Պիտի Ընեն Ռոնալտոյի Փոխանցումին Դէմ

Իտալական «Ֆիաթ» ինքնաշարժի ընկերութեան աշխատակիցները դժգոհ են, որ Եուվենթուս 100 միլիոն եւրօ ծախսեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի փոխանցման համար: Նշենք, որ «Ֆիաթ» Եուվենթուսը հովանաւորող ընկերութիւնն է: Տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող այդ գործարանին ներկայացուցիչները եւ աշխատակիցները 15-17 յուլիսին գործադուլի դիմած են: «Մեզի կ՛ըսեն, որ դժուարին ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, իսկ անդին ընկերութիւնը 100 միլիոն եւրօ կը ծախսէ ֆութպոլիստ մը գնելու...

Page 818 of 1278 1 … 817 818 819 … 1,278

Արխիւներ