«Լա լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիա յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Սելթա Վիկոյի միջնապահ Տանիել Վասսը:
Դանիացին 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, իսկ անոր հրաժարագինը սահմանուեցաւ 80 միլիոն եւրոյով:
29 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը արժեց 6 միլիոն եւրօ:
Վասս Սելթա Վիկոյին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2015-էն ի վեր:
Այդ տարիներուն ան 136 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ:



